Թէեւ աւելի քան մէկ շաբաթ է, որ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար ու Խնածախ համայնքներու բնակիչները ահազանգ կը հնչեցնէին յատկապէս գիշերուան ժամերուն ազերպայճանական կողմի կրակոցներու մասին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մարտ 31-ին առաջին անգամ ըլլալով հաղորդած է, թէ Մարտ 30-ի գիշերը ազերպայճանական կողմը կրակած է Խնածախի ուղղութեամբ՝ վնասելով բնակարան մը: Տուժածներ չկան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը միաժամանակ հերքած է հրադադարը խախտելու՝ Պաքուի պնդումները: Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին երկու օրերուն հայկական կողմը ամբաստանած է կրակ բանալու եւ անօդաչու սարքերու միջոցով հետախուզական թռիչքներ կատարելու մեղադրանքով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։