«Վան» հաւաքականութիւնը («Collectif Van») Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած գրառումով կը հաղորդէ, թէ Բերձորի միջանցքը շուրջ 20 օրէ ի վեր փակելով Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը՝ աւելի քան 120 000 հոգի (30 000-ը՝ մանուկներ) պատանդ առած ազերպայճանցի շինծու «բնապահ»-ները մէկ առ մէկ կը դիմակազերծուին։
«Վան»-ի գրառման կցուած են նկարներ, որոնք ցոյց կու տան այդ «բնապահ»-ներէն մէկը ռազմական համազգեստով, ինքնաշխատ հրացանով։ Ենթական մասնակցած է 2020 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ՝ Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմին։