Բռնագրաւուած Արցախի մէջ ազերպայճանցիներու բարբարոս արարքները կը շարունակուին։
Պատմական միջավայրի պաշտպանութեան Artsakh Monuments-ը այս կապակցութեամբ Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ.
«Բարբարոս Ազերպայճանի հակահայ, հակամշակոյթ աւերիչ քաղաքականութիւնը անարգել կը շարունակուի Արցախի մէջ։ Անխնայ կ՚ոչնչացուի ամէն ինչ որ հայկական է։ Քոչուորները աւերած են Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի 1941-45 հայրենական պատերազմի զոհերու յուշարձանը, արցախեան ազատամարտի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարն ու զոհուած ազատամարտիկներու պատկերաքանդակներով յուշապատը»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։