Պաքու կը հերքէ
Ապրիլ 16-ի իրիկունը, Ազերպայճանի զինեալ ուժերը տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Սոթքի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբերը հաղորդած է, թէ հայկական կողմը կորուստ չունի:
Միւս կողմէ, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է սահմանին՝ հայկական բանակի դիրքերը գնդակոծելու մասին տեղեկութիւնը, ըսելով, թէ ան իրականութեան չի համապատասխաներ։