ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Ազերպայճան մտադրած է փակել Կարմիր խաչի գրասենեակը

Կարմիր Խաչի միջազգային յանձնախումբի (ԿԽՄՅ) գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ Ազերպայճանի իշխանութիւնը իրենց տեղեկացուցած է երկրին ԿԽՄՅ-ի գրասենեակը փակելու իր մտադրութեան մասին։

«Մենք ներկայիս շփման մէջ ենք իշխանութիւններուն հետ»,– կը յայտնեն ԿԽՄՅ-ի գրասենեակէն։

ԿԽՄՅ-ի գրասենեակը Պաքուի մէջ կը գործէ 1992 Մարտ 3-էն։