Պաքուի մէջ Արցախի ռազմական եւ քաղաքական գործիչներու եւ գերութեան մէջ գտնուող միւս անձերու դէմ շինծու դատավարութիւնները կը շարունակուին։
Մայիս 1-ին, Պաքուի դատարանին մէջ հարցաքննութեան ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան կեղծ համարած է ազերպայճանցիներու ներկայացուցած տեսանիւթը:
Յատկապէս կեղծ տեսանիւթով փորձած են Դաւիթ Իշխանեանը ամբաստանել 1992-ի Արցախեան ազատամարտին Մոնթէ Մելքոնեանի զօրախումբին հետ գործողութիւններ կատարելու եւ իբրեւ թէ հրամանատարի զոհուելէն ետք՝ հրամանատարութիւնը ստանձնելու մեղադրանքներով, մինչդեռ ինչպէս պարզուած է՝ տեսանիւթը նկարահանուած է 2020-ին, Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ եւ այդ գործողութիւններու շրջանին Իշխանեան վնասուածք ունեցած է եւ գաւազանով շրջած։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։