Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ ռազմափորձերը

Ազերպայճան եւ Թուրքիա նախաձեռնած են Alpan-2023 միատեղ ռազմափորձերու։ 

Ազերպայճանական լրասփիւռները՝ յղում ընելով երկրի Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն, կը հաղորդեն, թէ «Ազերպայճանի մէջ կատարուող ռազմափորձերը կը վերաբերին օդային սարքերու, որոնք թռիչք առնելով ռազմական խարիսխներու օդակայաններէն, երկար եւ կարճ հեռաւորութիւններու վրայ գործադրեցին կեղծ հակառակորդի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, հրամանատարական կէտերու եւ  համակեդրոնացման կէտերու տապալման գործողութիւններ եւ այլն»: