Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան կը հակազդէ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն

«Պաքուի պայմանները օրինական են»

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ հակազդած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին կատարած յայտարարութիւններուն։ Ան ըսած է. «Հայաստանի վարչապետին կողմէ 2025 Մայիս 26-ին ներկայացուած կեցուածքը ոչ միայն ցոյց կու տայ Հայաստանի անպատրաստ ըլլալը՝ փոփոխութիւններ կատարելու իր Սահմանադրութեան մէջ՝ տարածքային պահանջներուն անդրադառնալու եւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ եղած խնդիրները լուծելու համար, այլ նաեւ հարցեր կ՚առաջացնէ խաղաղութեան նկատմամբ Հայաստանի յանձնառութեան առնչութեամբ»։

«Հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ Հայաստան, անտեսելով Մինսքի խումբի պաշտօնական լուծման կոչերը, ամէն կերպ զայն կը կապէ խաղաղութեան պայմանագրին հետ՝ փորձելով պահպանել այդ հնացած գործիքակազմը, որ այլեւս չի համապատասխաներ տարածաշրջանի իրողութիւններուն: Հակամարտութեան լուծման հետ կապուած, որ Մինսքի խումբի գործունէութեան ոլորտն է, Ազերպայճան իրաւացիօրէն պահանջած է այդ խումբի լուծարքի ենթարկումը: Այս քայլին յետաձգումը կասկածներ կ՚առաջացնէ Հայաստանի մտադրութիւններու անկեղծութեան մասին։ Պնդումը, թէ Մինսքի խումբի լուծարքի ենթարկումը նպատակ ունի փակելու հայ-ազերպայճանական հակամարտութիւնը Ազերպայճանի տարածքին մէջ եւ զայն տեխափոխելու Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, բացարձակ ձեռնավարութիւն (manipulation) է։ Նման կեցուածք որդեգրելով՝ Հայաստան կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ հակամարտութիւնը տակաւին չէ աւարտած եւ Մինսքի խումբը պէտք է պահպանուի»,– նշուած է Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Հաճիզատէ ընդգծած է, թէ «Հայաստանի վարչապետին, այսպէս կոչուած, “արեւմտեան Ազերպայճանի” մասին յայտարարութիւնները փաստերու խեղաթիւրում են եւ Հայաստանի բնակչութեան գրեթէ մեծամասնութիւնը կազմող ազերպայճանցիներու անսակարկելի իրաւունքներու ակնյայտ ժխտում»։

«Կայուն խաղաղութեան հասնելու համար Հայաստան պէտք է համապատասխանաբար փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ, ջնջէ տարածքային պահանջները անկէ եւ աջակցի Մինսքի խումբի լուծարքի ենթարկման՝ առանց որեւէ պայմանի: Ազերպայճանի պայմանները խոչընդոտներ չեն, այլ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու օրինական քայլեր»,– եզրափակած է Հաճիզատէ։