Ազերպայճանի նախագահին հետ հանդիպումին՝ Իրանի նախագահ Ռայիսիի յայտարարութիւնները, թէ իրենց համար անընդունելի է որեւէ այլ օտար երկրի ռազմական ներկայութիւնը տարածաշրջանէն ներս, Պաքուի մէջ ջղագրգռութիւն յառաջացուցած է։
Ազերպայճանցի երեսփոխան Ռասիմ Մուսապայով Իրանի նախագահին նշեալ յայտարարութիւնը որակած է անտեղի, իսկ Իրանի նախաձեռնած ռազմափորձերը՝ գրգռութիւն։
«Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրքը Ազերպայճանի հետ սահմանին կը կազմակերպէ գրգռիչ ռազմափորձեր, իսկ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Ասթանայի մէջ Ազերպայճանի նախագահին հետ հանդիպումին անտեղի զգուշացումներ կ՚ընէ՝ տարածաշրջանին մէջ օտար երկրի մը ռազմական ներկայութեան անթոյլատրելիութեան մասին։ Միաժամանակ, իրանական “մոլլայատիրութիւն”-ը, ամենայն հաւանականութեամբ, “օտարերկրեայ” չի համարեր Հայաստանի մէջ ռուս զինուորականները եւ ներողամիտ կը գտնուի հայ-ազերպայճանական սահմանին վրայ եւրոպացի դէտերու առաքելութիւն ապահովելու Հայաստանի մտադրութեան հանդէպ»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է ազերպայճանցի երեսփոխանը։
Աւելի՛ն, ան յայտարարած է, թէ իրենք (Ազերպայճան) շատոնց ծանօթ են իրանական «խեղաթիւրուած» աշխարհընկալման եւ քաղաքականութեան։ Երեսփոխանը բաւական յանդուգն ձեւակերպումով թելադրած է Իրանին՝ ձեռնպահ մնալ Ազերպայճանի հետ իր յարաբերութեան մէջ ճնշումներ գործադրելէ։
«Անհրաժեշտ է ճիշդ գնահատել վտանգները, քանի որ պատասխան հարուածի տակ պիտի յայտնուին Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ իրենց սահմանները, հազարաւոր հրթիռներ ու ռումբեր Իսրայէլէն եւ Սաուտական Արաբիայէն,– որոնք արդէն պատրուակ կը փնտռեն Իրանի հրթիռային եւ միջուկային ենթակառոյցները ոչնչացնելու համար,– պիտի թափին իրենց գլխուն»,– գրած է Ռասիմ Մուսապայով։