Ազերպայճանի մէջ այն աստիճան լկտիացած են, որ կը փորձեն ճնշում բանեցնել Euronews-ի եւ Le Figaro թերթին վրայ, թէ ինչպէս պէտք է լուսաբանել Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման հետ կապուած իրավիճակը։
Ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, որ երկրին մամլոյ խորհուրդը դիմած է Euronews-ի ֆրանսական ծառայութեան եւ Le Figaro թերթին՝ Ստեփանակերտի մէջ կայացած հանրահաւաքի «միակողմանի լուսաբանման» առնչութեամբ։ Մասնաւորապէս, խորհուրդը «ափսոսանք յայտնած է Euronews-ի եւ Le Figaro-ի կողմէ հանրահաւաքի ժամանակ հանդէս եկած որոշ անձերու ելոյթի բովանդակութեան կանխակալ հաղորդման կապակցութեամբ»։ Բացի ատկէ, խորհուրդը կոչ ըրած է Euronews-ին եւ Le Figaro-ին «նրբանկատօրէն վերաբերիլ ղարաբաղեան իրողութիւններուն» եւ «հարթակ չտրամադրել անոնց, որոնք կ՚ուզեն Հարաւային Կովկասի մէջ կրկին իրականացնել իրենց քաղաքական արկածախնդիր ծրագրերը»։
Ըստ երեւոյթին, Ազերիները չեն գիտեր, որ ի տարբերութիւն իրենց երկրին, Ֆրանսայի մէջ մամուլը ազատ է։