Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) համաձայն՝ Մայիս 29-ի առտուան ժամերուն Ազերպայճանի բանակայինները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խոզնավար գիւղի ուղղութեամբ, որուն պատճառով վնասուած է բնակելի տուն մը: Բարեբախտաբար տուժած չկայ։
Պաքու հերքած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութիւնը
Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը անմիջապէս հերքած է Խոզնավարի ուղղութեամբ կրակած ըլլալու Երեւանի հրապարակած տեղեկութիւնը:
«Հակառակ կողմը, նման միտումնաւոր սխալ տեղեկատւութիւն եւ կեղծ լուրեր տարածելով կը փորձէ միջազգային հանրութեան մէջ աղաւաղուած կարծիք ձեւաւորել եւ հիմք ստեղծել ապագայ գրգռութիւններու համար: Մենք կը յայտարարենք, որ ազերպայճանական բանակի ստորաբաժանումները երբեք կրակ չեն բանար քաղաքացիական անձերու եւ կառոյցներու վրայ»,– նշուած է Պաքուի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։