Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան կրկին փակած է Արցախի կազամատակարարման խողովակը

 

Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ Յունուար 17-ի կէսօրին Ազերպայճան կրկին փակած է Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ կազատար խողովակը՝ Արցախի բնակչութիւնը զրկելով բնական կազի օգտագործման կարելիութենէն, մինչ ցուրտն ու ձմեռը կը շարունակեն տիրել։ Այս օրերու օդերեւութաբանական նախատեսութիւններուն համաձայն ջերմաստիճանը պիտի տարուբերի – 2-էն 6 աստիճանի միջեւ։