Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնները

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ մեկնաբանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները՝ իր անտրամաբանական խօսքերուն մէջ ներառելով Հայաստանի ղեկավարութեան «յարձակողական հռետորաբանութեան» վերաբերեալ արտայայտութիւնը։

“Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազերպայճանին ուղղուած բոլորովին անհիմն մեղադրանքները։ Հայաստանի ղեկավարութեան յարձակողական հռետորաբանութիւնը, որ կը սպառնայ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ու կ՚անտեսէ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, կ՚ապացուցեն, որ Հայաստան շահագրգռուած չէ տարածաշրջանի խաղաղութեամբ”,– նշած է ան։

“Ազերպայճանի կողմէ իր ինքնիշխան տարածքներու եւ պատմական հողերու բնակեցման դէմ Հայաստանի պահանջները անհեթեթ են, նկատի ունենալով, որ Հայաստանն է, որ Հայերը ապօրինաբար վերաբնակեցուցած է 30 տարիներու ընթացքին Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ազերպայճանցիներուն պատկանող քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, ոչնչացնելով նաեւ հոն գոյութիւն ունեցող Ազերիներուն գոյքերը։ Հետեւաբար Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը ուղղակի կը հակասէ Փրակայի եւ Սոչիի համաձայնութիւններուն, որոնց բազմիցս յղում կ՚ընէ ան”,– ըսած է Հաճիզատէ, ընդգծելով, որ եթէ Հայաստան իրապէս մտադիր է հրաժարելու Ազերպայճանի նկատմամբ հողային պահանջներէ եւ վրէժխնդրական քաղաքականութենէ, ապա ան պէտք է հրաժարի նաեւ այդ տեսակ յարձակողական հռետորաբանութենէ։ “Ան (Երեւան – «ՆՅ») նաեւ պէտք է դադրեցնէ «վերահամարկման» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») նպատակով հայ բնակչութեան հետ Ազերպայճանի կեդրոնական իշխանութիւններու շփումներուն միջամտելու փորձերը”,– աւելցուցած է Հաճիզատէ։