Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի ԱԳ փոխնախարար.– “Շրջապատուած տարածքներու (enclave) հարցը կը քննարկուի սահմանազատման գործընթացի շրջանակին մէջ” 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով յայտարարած է, թէ “Ղազախի շրջանի 7 գիւղի (Տաւուշի մարզի շրջապատուած գիւղեր – խմբ․) եւ Քիարքիի (Տիգրանաշէն – խմբ․) վերադարձը պիտի իրականացուի սահմանազատման գործընթացի պահանջներուն համապատասխան”:

“Հայաստան երբեք չի կրնար յայտարարել, որ անոնք Ազերպայճանի տարածքները չեն, անոնք Ազերպայճանինն են”,– ընդգծած է Խալաֆով, աւելցնելով՝ “այդ տարածքներու վերադարձը Ազերպայճանին՝ կը պահանջէ սահմանազատման գործընթաց, հետեւաբար հարցը կը քննարկուի այդ շրջանակին մէջ”:

Ազերպայճանցի փոխնախարարը յայտարարած է նաեւ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու մէջ պէտք է հիմք ընդունուին Պաքուի առաջարկած հինգ կէտերը:

***

Մայիս 5-ին շրջապատուած տարածքներու նիւթին անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ Ան նշած էր, որ «մինչեւ այս պահը Հայաստանն ու Ադրբեջանն անկլաւների հարց չեն քննարկել»։

“Կարելի է ասել, որ երկու կողմից էլ (Հայաստանի եւ Ազերպայճանի – խմբ․) անկլաւ կայ, եւ դրանց տարածքները գրեթէ հաւասար են, երկու կողմն էլ լուռ է այս հարցում եւ այն դեռեւս չի քննարկուել: Մեր յոյսն այն է եւ հնարաւոր լուծման տարբերակն այն է, որ Հայաստանի անկլաւը թողնւում է Ադրբեջանին, Ադրբեջանի անկլաւները, որոնք Հայաստանի տարածքում են, մնում են Հայաստանին”,– նոյն օրը կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ասուլիսին ըսած էր Գրիգորեան։