Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Սումգայիթի դատարանին մէջ, առեւանգուած երկու հայ զինուորներուն վերջնական մեղադրանք յարուցուած է 

Յուլիս 5-ին, Սումգայիթի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ, կեղծ ու շինծու դատավարութեան ընթացքին, Հայաստանի սահմանին մէջ Մայիս 26-ին առեւանգուած հայ զինուորներ՝  Յարութիւն Յովակիմեանի եւ Կարէն Ղազարեանի նկատմամբ վերջնական մեղադրանք յարուցուած է։ Լուրը կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները:

Ըստ հայ անմեղ զինուորներու դէմ յարուցուած կեղծ ամբաստանութեան՝ անոնք «Հայաստանի զինեալ ուժերու կազմին մէջ խումբ մը անձանց հետ ապօրինի ձեռք բերուած հրազէնով եւ ռազմամթերքով՝ ուժ գործադրելով Զանգելանի սահմանապահ ջոկատի զինուորներու նկատմամբ, խախտած են Ազերպայճանի պետական սահմանը, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի տարածքին ահաբեկչութիւն գործելու նպատակով՝ մաքսանենգ ճանապարհով զինամթերք մտցուցած են Զանգելանի շրջանի Ռազդարա գիւղը, կրակ բացած են հոն գտնուող զօրամասի զինուորներուն ուղղութեամբ»:

Աւելի՛ն, նախորդ օր չորս Ազերպայճանցիներ «տուժող» կողմ ճանչցուած են, իսկ թէ այդ «տուժածները» ուրկէ՞ մէջտեղ ելած են, յայտնի չէ…։