Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան ձերբակալած է 68-ամեայ հիւանդ քաղաքացին, որ Կարմիր Խաչի միջոցով Հայաստան կը փոխադրուէր

Հիւանդը տարած են Պաքուի հիւանդանոցներէն մէկը

Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան Յուլիս 29-ին կը հաղորդէր.

«Երբ Ադրբեջանին իբրեւ թէ կոչ է արւում յարգել գոնէ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութիւնը, այսօր  այդ կազմակերպութեան միջոցով բուժման նպատակով Հայաստանի հիւանդանոցները տեղափոխուող հիւանդներից մէկը՝ 68-ամեայ մի քաղաքացի, անցակէտից տեղափոխուել է այլ վայր։ Այս պահին Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչը գտնւում է մեր քաղաքացու մօտ, սակայն բանակցութիւնները դեռեւս որեւէ արդիւնք չեն տուել, սպասում ենք նոր տեղեկութիւնների։

Նոյն երթով Հայաստան տեղափոխուող մեր քաղաքացիները Գորիս քաղաքից ներկայացած Կարմիր Խաչի ներկայացուցչի ուղեկցութեամբ տեղափոխուել են Գորիսի հիւանդանոցը, իսկ Հայաստանի մէջ բուժուած մեր քաղաքացիներին Արցախ վերադարձնելու երթը չեղարկուել է։

Ահա սրանք են Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչելու եւ Արցախը Ադրբեջան կոչելու Հայաստանի իշխանութիւնների, Արցախի ժողովրդի նկատմամբ արդէն ամիսներ տեւող յանցագործութիւնները անբաւարար չափով դատապարտելու եւ գրեթէ անգործութիւն ցուցաբերող միջազգային հանրութեան վարքագծի օրը օրի ահագնացող հետեւանքները, որոնք որեւէ գինով պէտք է կանխուեն։

Հայ ժողովուրդ, նորից ու նորից գոչում եմ, արթնացէք, դէմ կանգնէք այս ամէնին»։

Այս դէպքէն ժամ մը վերջ Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այս անգամ կը հաղորդէր թէ արցախցի հիւանդը առեւանգուած է։

«Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ Արցախից Հայաստան բուժման նպատակով տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը առեւանգուել է Ադրբեջանի սահմանապահ ծառայութեան ներկայացուցիչների կողմից և տեղափոխուել անյայտ ուղղութեամբ»:

Ան կը նշէր, որ հարազատներէն, Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներէն կամ ռուսական խաղաղապահներէն ոեւէ մէկը առեւանգուած հիւանդին քովը չէ։ Սա պահուս անոր ճակատագիրը անծանօթ է, կը յայտարարէր ան։

Ի Վերջոյ պարզուած է, թէ Ազերիները հիւանդը ձերբակալած են

Իսկ քանի մը ժամ ետք ալ, Ազերպայճան պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ ձերբակալած է այդ քաղաքացին՝ նշելով, որ իբրեւ թէ ան «Ազերպայճանի կողմէ կը գտնուէր միջազգային հետախուզման մէջ»։ Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներու՝ Վագիֆ Խաչատրեան իբրեւ թէ կ՚ամբաստանուի 1991-ին  «յանցագործ խումբ ստեղծելու» եւ «Խոջալուի շրջանի Մեշալի գիւղի բնակիչներուն դէմ յանցացանք գործելու» մեղադրանքով:

Պաքուի դատախազութեան համաձայն՝ «Ազերպայճան 2013  Նոյեմբեր 12-ին միջազգային հետախուզում յայտարարած է Խաչատրեանի նկատմամբ եւ դատարանի որոշումով խափանման միջոց ընտրուած է բանտարկութիւնը»։

Առեւանգուած Արցախցին Պաքուի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը գտնուի

Յուլիս 30-ին, Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան կը հաղորդէր, թէ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեան Պաքուի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը գտնուի։ Կարմիր Խաչի աշխատակիցները այցելած են անոր, սակայն ընտանիքի անդամներու հետ տակաւին կապ չէ հաստատուած։