Մայիս 22-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նիստին, Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ թշնամական, զրպարտիչ յայտարարութիւններ կատարած է Հայաստանեայց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հասցէին: Անոր ըսածները մէջբերած է ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։
“Փաստը այն է, որ հայկական կրօնական շրջանակները բնակութիւն հաստատած են Ուչմիաձինի մէջ՝ պատմական ազերպայճանական հողերու վրայ, զոր անոնք անուանած են Էջմիածին, եւ իրենց կրօնական տաճարները շինած են այն տարածքներուն մէջ, որոնք իրենց հետ որեւէ կապ չունէին”,– ըսած է Փաշազատէ: Ան նշած է, թէ հայերը քրիստոնէութեան պատմութեան մասին սուտ նկատառումներով կը ներկայանան որպէս բացառիկ համայնք՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեաներ: “Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է Արցախի թեմը, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ Նոր Նախիջեւանի թեմը: Հայերու կրօնական կեդրոնին միակ նպատակն է աջակցիլ՝ «Պատմական մեծ Հայաստան» հայկական երազանքին”,– շարունակած է ան:
“Մեզ կը դիմակայէ համայնք մը, որ բազմաթիւ կեղծիքներու միջոցով իւրացնելով այլ ժողովուրդներու մշակութային հոգեւոր ժառանգութիւնը, իր կրօնական կեդրոններու՝ Ուչմիածինի եւ Կիլիկիոյ միջոցով, ամբողջ աշխարհի վրայ կը տարածէ սուտով եւ զրպարտութեամբ լեցուն՚ քրիստոնէական կրօնի խաղաղութեան, եղբայրութեան, խաղաղ համակեցութեան դրոյթներէն հեռու ուղերձներ…”,– աւելցուցած է Շեյխ-ուլ-իսլամը։
Փաշազատէ Հայ առաքելական եկեղեցին դրացիներու համար սպառնալիք կը նկատէ։ Ան Էջմիածինը կը կոչէ «Ուչմիաձին՝ պատմական ազերպայճանական հող»։
“Արեւմտեան Ազերպայճանի հողերուն վրայ մեր ժողովուրդին պատկանող նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի նմուշները, մզկիթներու ունեցուածքը թալանուած են, Ղուրանի և ձեռագրերու հազուագիւտ օրինակները վաճառուած են արտասահմանեան աճուրդներու մէջ: Հայկական կեղծիքի և վանդալական արարքներու վառ օրինակ մըն է նաեւ Երեւանի Ճումա մզկիթի վերականգնումը, զոր կառուցած են ազերպայանցիները եւ հայերը զայն կը ներկայացնեն իբրեւ պարսկական”,–ըսած է Փաշազատէ։
Վերոնշեալ բարբաջանքներով, զրպարտութիւններով ու կեղծարարութիւններով չբաւարարուելով՝ ան յայտարարած է, որ իբրեւ թէ ներկայիս Հայաստանի տարածքին գտնուող «իրենց բնիկ հողերէն ազերպայճանցիներուն հետզհետէ վտարումը, ցեղային զտումները եւ տեղահանութիւնները յանգեցուցին ղազիներու գործունէութեան հարկադիր դադրեցումին»։
Ազերպայճանի «խաղաղասիրական» նկրտումները հերթական անգամ պարզ կ՚երեւին։ Այդ երկիրը լարուած կերպով հակահայ քարոզչութիւնը կը շարունակէ՝ աչք տնկելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին, հոգեւոր-մշակութային կեդրոններուն ու ժառանգութեան վրայ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։