Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճանի ԱԳՆ.– Ազէրպայճան հինգ կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ մը ուղարկած է Հայաստանին՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար

Թրքական «Անատոլու» գործակալութեան համաձայն՝ Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ իր երկիրը յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանին ուղարկած է հինգ կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ մը եւ կը սպասէ պատասխանի։

«Եթէ Հայաստան անկեղծօրէն յարաբերութիւններու կարգաւորում կը փափաքի, սա շատ լաւ առիթ է անոնց համար»,– «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է Պայրամով։