Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ.- “Մենք Հայաստանին վերադարձուցած ենք պատերազմին գերեվարուած բոլոր զինուորականները”

Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիև France 24 հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ Պաքու «Հայաստանին վերադարձուցած է պատերազմին գերեվարուած բոլոր զինուորականները»:

“Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ հաստատել ատիկա: Աւելի՛ն, մենք վերադարձուցած ենք անոնց զինուորները՝ նախքան որ անոնք վերադարձնէին մեր զինուորականները: Անոնք, որոնց կ՚ակնարկէ Human Rights Watch-ը, մարդիկ են, որոնք մեր դիրքերը ուղարկուած են Հայաստանի ռազմական հրամանատարութեան կողմէ պատերազմի աւարտէն և Նոյեմբերեան համաձայնագրի ստորագրումէն երկու շաբաթ ետք”,
– ըսած է Ալիեւ՝ պատասխանելով վերոնշեալ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուած մեղադրանքներու վերաբերեալ հարցումին, որոնց համաձայն՝ Ազէրպայճան խոշտանգումներու կ՚ենթարկէ հայ ռազմագերիները: