Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազէրպայճան ծրագրած է քանդել Շուշի գտնուող Արցախի խորհրդարանի շէնքը

2022 Յունուար 5-ին, Ազէրպայճանի իշխանութիւնները յայտարարած են Շուշի գտնուող Արցախի խորհրդարանի շէնքը քանդելու իրենց մտադրութիւնը։ Սոյն տեղեկութիւնը հաղորդած են ազէրական լրասփիւռները։

Կը նախատեսուի քանդել նաև հինգյարկանի վեց շէնքեր, որոնք կառուցուած են նախքան պատերազմը։

Շուշիի «բարեկարգման» աշխատանքներուն համար Ազէրպայճանի կառավարութիւնը պիտի յատկացնէ աւելի քան երկու միլիոն մանաթ (շուրջ 1,2 միլիոն տոլար):

Նշենք, թէ Արցախի խորհրդարանը Ստեփանակերտէն Շուշի փոխադրելու ծրագրերու մասին յայտարարած էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 2020 Սեպտեմբեր 19-ին (պատերազմէն շաբաթ մը առաջ): Նախատեսուած էր ծրագիրը իրագործել մինչև 2022 թուականը։

Ազէրպայճանի լրատու գործակալութիւններու համաձայն՝ քանդուող շէնքերու տեղը մզկիթներ պիտի կառուցուին։