Հայկական կողմը բուռն կերպով հակազդած է
Ազէրպայճան, Մարտ 18-ին, Շուշիի մէջ նշած է ՄԱԿ-ի՝ իր անդամակցութեան 30-ամեակը, յատուկ ձեռնարկով մը։ Արարողութեան մասնակցած է նաեւ ՄԱԿ-ը, զոր ներկայացուցած է անոր Ազէրպայճանի գրասենեակը։
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) խստօրէն դատապարտած է ՄԱԿ-ին` Ազէրպայճանի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումը Շուշիի մէջ կազմակերպելու` Պաքուի որոշումն ու այդ միջոցառումին՝ ՄԱԿ-ի մասնակցութիւնը։:
Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարութիւնը նշած է, թէ այս քայլը Պաքուի ապակառուցողական քաղաքականութեան դրսեւորումն է, որ ուղղուած է Արցախի նկատմամբ իր յարձակողականութեան արդիւնքներու օրինականացման` փորձելով այդ գործընթացին մէջ ներգրաւել եւ օգտագործել նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ զանազան կառոյցներ:
«ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչների մասնակցութիւնը Ադրբեջանի նախայարձակման եւ հայատեացութեան գլխաւոր թիրախներից մէկը հանդիսացող բնակավայրում կազմակերպուող միջոցառմանը հակասում է միջազգային այս կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնադրոյթներին, գաղափարախօսութեանն ու առաքելութեանը եւ, անկասկած, օգտագործուելու է Ադրբեջանի կողմից իր մարդատեաց եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան օրինականացման նպատակով։ Սա նաեւ լուրջ հարուած է ՄԱԿ-ի հեղինակութեանը, ինչը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ կազմակերպութեան աշխատանքների արդիւնաւէտութեան վրայ»,– յայտարարած է Արցախի ԱԳ նախարարութիւնը:
Նշենք, թէ Ազէրպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած էր, թէ ՄԱԿ-ին` Ազէրպայճանի անդամակցութիւնը պիտի նշուի «ազատագրուած Շուշիի մէջ, ուր պիտի ծածանի ՄԱԿ-ի դրօշը, եւ նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի կառոյցներու պաշտօնական ներկայացուցիչներ»։
Մինչ այդ, Մարտ 18-ի նշեալ ձեռնարկին Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայերուն համարկումը Պաքուի հիմնական առաջնահերթութիւններէն է։
“Քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ անոնց (Հայերու) իրաւահաւասարութիւնը կը հանդիսանայ մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը”,– յայտնած է ազէրպայճանցի նախարարը:
ՀՀ ԱԳՆ-ն եւս խստօրէն դատապարտած է
Ազէրպայճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին ներգրաւումը՝ Շուշիի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին
Մարտ 19-ին, Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրզ Եահիա հրաւիրուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
ՀՀ ԱԳ նախարարութեան հաղորդման համաձայն՝ հանդիպումին ՄԱԿ-ի պաշտօնակատարին ուշադրութեան յանձնուած է, թէ ԱԳՆ-ն խստօրէն կը դատապարտէ ՄԱԿ-ի Ազէրպայճանի գրասենեակին ներգրաւումը՝ Մարտ 18-ին Շուշիի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, եւ այդ կապակցութեամբ անոր յանձնուած է նախարարութեան բողոքագիրը։
ՀՀ ԱԳՆ-ն ՄԱԿ-էն պահանջած է քայլերու ձեռնարկել՝ վերականգնելու Արցախեան հակամարտութեան համածիրին մէջ ՄԱԿ-ի չէզոք դիրքորոշումը։
Արտակ Բեգրալեան.–
«Սրա՞նք են ձեր դաւանած արժէքները, թէ՞ խաւիարն ու նաւթադոլարները…»
Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Թելեկրամեան ալիքով հետեւեալ գրառումը կատարած է.-
«Եւ ՄԱԿ-ի չափազանց մարդասէր պաշտօնեաները այդ սադրանքը կատարում են հետեւեալ պայմաններում՝
1.- ՄԱԿ-ի ոչ մի պաշտօնեայ այդպէս էլ չայցելեց Արցախ պատերազմի ու յետպատերազմեան տառապանքներն ու ադրբեջանական վայրագութիւնները արձանագրելու եւ կանխելու նպատակով.
2.- 40.000 տեղահանուած, որից 5.000 շուշեցի զրկուած են իրենց հայրենի տներից ու բազմաթիւ այլ իրաւունքներից, իսկ ՄԱԿ-ը շարունակում է Արցախի մեկուսացման ադրբեջանական քաղաքականութիւնը.
3.- Նոյն օրերին նոյն Շուշիում վնասուած էր Արցախի միակ կազատարը եւ ադրբեջանական կողմը դիտաւորեալ ձգձգում էր վերականգնումը՝ յարուցելով 100.000 մարդու լրացուցիչ տառապանքներ, իսկ ՄԱԿ-ը լուռ էր:
Սրա՞նք են ձեր դաւանած արժէքները, թէ՞ խաւիարն ու նաւթադոլարները…»։ ■