Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւի զառանցանքը «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի մասին

Անգարայի՝ այդ նպատակի համար «ամէնէն յարմար» վայրին մէջ տեղի ունեցած է «Վերադարձ Արեւմտեան Ազերպայճան՝ իբրեւ մարդկային իրաւանց գերակայութեան կարեւոր պայման» նիւթին շուրջ «միջազգային» համաժողով մը։ Ձեռնարկը միջազգային որակելու համար բաւարար եղած է անոր՝ թուրքերու եւ ազերպայճանցիներու մասնակցութիւնը։

Azertac-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ծաւալուն ուղերձ մը յղած է այդ ժողովի մասնակիցներուն, ուր ան պնդած է թէ «Արեւմտեան Ազերպայճանի մէջ՝ Հայաստանի տարածքին վրայ, 1918-1921, 1948-1953 եւ 1987-1991 տարիներուն գործադրուած է համակարգուած եւ ամբողջական ցեղային զտում։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ ոեւէ ազերպայճանցի չէ մնացած։ Այս ցեղային զտումը դարձած է մարդկային մեծ ողբերգութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ծառայած է նենգ աշխարհաքաղաքական նպատակի մը՝ Ազերպայճանի հիմնական բաժնին եւ անոր անբաժանելի մէկ մասը համարուող Նախիջեւանի միջեւ ցամաքային կապի խզումին, 1920 թուականին Արեւմտեան Զանգեզուրը Ազերպայճանէն խլելով եւ զայն Հայաստանին յանձնելով»։

Ըստ Ալիեւի՝ «Արեւմտեան Ազերպայճանի հարցը արդէն ընդգրկուած է միջազգային օրակարգին մէջ, իսկ այդ համայնքին խաղաղ նախաձեռնութիւնները կ՚արժանանան միջազգային հանրութեան աջակցութեան»։

Ապա ան շարադրած է այն քայլերը, զորս «պէտք է» առնէ Հայկական պետութիւնը. «Հայաստան պէտք է վերջ դնէ դրացի պետութիւններու նկատմամբ իր տարածքային պահանջներուն, քայլերու ձեռնարկէ ազերպայճանցիներու մշակութային ժառանգութեան վերականգնման եւ պաշտպանութեան ուղղութեամբ, այդ նպատակով պէտք է թոյլ տայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան շրջան այցելութեան, եւ վերադարձի հարցով երկխօսութիւն պէտք է սկսի Համայնքին հետ։ Հայաստան պէտք է յստակօրէն ըսէ թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ պայմաններով արեւմտեան ազերպայճանցիները պիտի կարենան վերադառնալ իրենց հայրենական հողերը։ Մենք կը սպասենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս հարցի կապակցութեամբ ընդունի Համայնքին ներկայացուցիչները»։

Ալիեւ ընդգծած է, թէ «արեւմտեան ազերպայճանցիներու վերադառնալու ցանկութիւնը չի նշանակեր Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու ներկայացում»։ Սակայն «այս հարցը պիտի չհանուի Ազերպայճանի օրակարգէն, ցորչափ այդ վերադարձը տեղի չ՚ունենար։ Բնականաբար, հայրենի հող վերադարձող արեւմտեան ազերպայճանցիներուն պէտք է նաեւ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրուին»։

Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւնը կը հակադարձէ Ալիեւին. «Հայաստանի տարածքինԱրեւմտեան Ազերպայճանչկայ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան անդրադարձած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կրկին անգամ հնչեցուցած՝ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան» կեղծ խօսոյթին:

«Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան Բադալեան յայտնած է. “Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին «Արեւմտեան Ազերպայճան» չկայ. արեւմտեան Ազերպայճանը Ազերպայճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանն է”: