Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւի պահանջով բանակցային բառապաշարէն ջնջուած են  «ԼՂ հակամարտութիւն» եւ «կարգավիճակ» եզրերը 

Ազերպայճանի Անվհանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ոսուպով յայտարարած է, թէ՝ «նախագահ Իլհամ Ալիե՛ւն է, որ կ՚որոշէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու բովանդակութիւնն ու խաղաղութեան օրակարգը։ Աւելի՛ն, անոր պահանջով բանակցային բառապաշարէն ջնջուած են «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն» եւ «կարգավիճակ» եզրերը:

Յիշեցնելով, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները դէմ առ դէմ եւ առցանց 7 հանդիպում ունեցած են Ռուսաստանի, Եւրոպական խորհուրդի և Ֆրանսայի նախագահներու միջնորդութեամբ, Ուսուպով ազերպայճանական պաշտօնական մամուլին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ այժմ առաջնահերթ նպատակը խաղաղութեան պայմանագրի եւ սահմանազատման հարցերու շուրջ բանակցութիւններ սկսիլն է: