Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւի վերջնագիրը՝ ճամպրուկ կամ դագաղ

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական հեռատեսիլի կայաններուն տուած շա՜տ երկար հարցազրոյցին ըսած է, որ «Լաչինի միջանցքի արարքը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, որքան՝ բնապահ գործիչներու բոլոր պահանջները չկատարուին»։ Ան նաեւ ըսած է, որ «եթէ կան Հայեր, որոնք չեն ուզեր ապրիլ որպէս Ազերպայճանի քաղաքացի, ճամբան բաց է, եւ անոնք կրնան մեկնիլ… Մեր պահանջները միանգամայն օրինական են՝ հսկողութիւն, դադրեցում հանքարդիւնաբերութեան: Եւ մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին»։

Ըստ անոր՝ Բերձորի միջանցքը չէ խափանուած, քանի որ «ռուս խաղաղապահները» եւ Միջազգային Կարմիր Խաչը պարբերաբար կ՚օգտուին այդ ճամբէն։ Դարձեալ ըստ Ալիեւի՝ շրջափակման սկիզբէն առ այսօր այդ երթուղին օգտագործած են «ռուս խաղաղապահներ»-ու շուրջ 400 բեռնատարներ։ Ալիեւ ընդգծած է նաեւ, որ Կարմիր Խաչը քանի մը անգամ դիմած է Ազերպայճանի իշխանութիւններուն, որոնք ամէն անգամ դրական պատասխանած են խնդրանքներուն։ Ըստ Ալիեւի՝ հայկական կողմի պնդումները, թէ ճամբան փակ է, այլ ոչինչ է, քան «հակաազերպայճանական նոր շօու… Հայաստան ու անոր հովանաւորները կը կարծեն, որ բաներ մը կ՚ընեն, բայց իրականութեան մէջ ոչինչի կը յանգին։ Մեր պահանջները օրինական են։ Մեզի թոյլ չտուին վերահսկել ապօրինի հանքարդիւնաբերութիւնը, տեղւոյն վրայ շօու կազմակերպեցին, … ուստի Խանքենտի-Լաչին [Ստեփանակերտ-Բերձոր-Աղաւնոյ] ճամբու իրադարձութիւնները շրջափակում անուանելը ուղղակի սխալ է»։

Ան նաեւ «կոչ» ըրած է Արցախահայութեան` նշելով, որ «Պաքու պիտի ապահովէ այն ամէն ինչը, որ անհրաժեշտ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը մնան եւ կ՚ապրին Ազերպայճանի մէջ», եւ աւելցուցած, որ «բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այնտեղ [Ստեփանակերտ] ապրիլ Ազերպայճանի դրօշին տակ՝ որպէս Ազերպայճանի քաղաքացի, պիտի վայելեն պայմաններ, իրաւունքներ եւ ապահովութիւն։ Ծխել փափաքող Հայուն առնչուող վերջին դէպքը,– որ ստացաւ երկու տուփ ծխախոտ,– կը վկայէ, որ մենք ոչ միայն պիտի ապահովենք անոր իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, այլեւ ան պիտի ապրի շատ աւելի բարօր կեանք մը»։ Եւ անգամ մը եւս վերսկսած է իր յաւերժական յանկերգը, թէ՝ «Առհասարակ, մեզի համար խնդիր չկայ։ Եթէ մեր դէմ անջատողական շարժում չսկսուէր, այսօր անոնք (Արցախցիները) պիտի կարենային ապրիլ նոյն մակարդակի վրայ, քան Ազերպայճանի որեւէ մէկ շրջանը։ Անոնց կեանքի ներկայի պատկերը տեսանելի է բոլորին։ Մենք գիտենք, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ՚ապրին։ Եթէ անոնցմէ ոմանք չեն ուզեր ըլլալ Ազերպայճանի քաղաքացի, Լաչինի միջանցքը բաց է, կրնան ինքնուրոյն մեկնիլ. ո՛չ ոք կը կանգնեցնէ զանոնք, քանի որ անոնք կրնան նստիլ Կապոյտ սաղաւարտաւորներու բեռնատարները կամ հանրակառքերը»։

Ինչ կը վերաբերի հռչակաւոր «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, Ալիեւ կը պնդէ, որ ան ոչ միայն տնտեսական եւ փոխադրական, այլեւ ռազմավարական ծրագիր է, որու նպատակները չի թաքցներ. «Հիմա Հայաստան կ՚ուզէ խուսափիլ անկէ։ Իրօք, աւելի քան երկու տարի է, որ չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները։ Բայց այդ մեզ պիտի չկանգնեցնէ: Սա ռազմավարական նախագիծ է մեզի համար եւ ոչ միայն մեզի համար, այլ նաեւ դրացի քանի մը երկիրներու եւ աւելի լայն աշխարհագրութեան համար»։ Բոլորս հասկցանք անշուշտ, որ խօսքը Էրտողանի Թուրքիոյ մասին է եւ անոր փանթրքական կայսերական ծրագրի իրականացման, որու մէջ Ազերպայճան միայն «երկրորդ շեղբ»-ն է։

Ալիեւի ուղերձը, որ թաթախուած է բացարձակ լրբութեամբ, եւ որ համեմատելի է շարպաթի (շաքար-ջուր) մէջ լողացող պախլաւայի հետ, աւելի բացայայտ չէր կրնար ըլլալ՝ Արցախահայութիւնը այժմ ունի ընտրութիւն ճամպրուկի եւ դագաղի միջեւ:

Արցախն ու անոր ժողովուրդը «Սիւտեթներ»-ն են։ Հարցում. որո՞նք են «Միւնիխցիները» (ակնարկ՝ Չեխոսլովաքիոյ հարաւային շրջաններուն, որոնք 1938-ի Միւնիխի համաձայնագրերով կը կցուէին նացիական Գերմանիոյ – «ՆՅ»)։

ՍԱՀԱԿ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ