Յունիս 18-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ իրաւաբաններու միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ «Հայաստան պարտաւոր է յարգելու ազերպայճանցիներու՝ իրենց նախնիներուն հողերը վերադառնալու իրաւունքը»։
“Ազերպայճանցիներու վերադարձը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, հաշտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ամէնէն կարեւոր նախապայմանն է”,– ըսած է ան։
Ալիեւ նաեւ ընդգծած է, թէ «այդ մարդոց խաղաղ եւ անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենիքը՝ պատմական արդարութեան պահանջ մըն է»։
Նշենք, թէ Մայիս ամսուն ալ Պաքուի բռնապետը ըսած էր՝ «Արեւմտեան ազերպայճանցիներու» վերադարձի հարցը իր երկրի օրակարգէն պիտի չհանուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ չէ իրականացուած։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։