Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Եթէ Երեւան շարունակէ փակ պահել Զանգեզուրի միջանցքը, ապա կրնայ յայտնուիլ ոչ միայն երթեւեկութեան այլեւ քաղաքական մեկուսացման մէջ»

Յուլիս 19-ին, բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի խորհրդարանի շէնքին տեղը կառուցուած համալիրէն ներս տեղի ունեցած Շուշիի «Լրասփիւռներու համաժողով»-ի բացման արարողութեան ընթացքին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. “Տարանցիկ երկիր դառնալու Հայաստանի կարելիութիւնները կը նուազին։ Եթէ Երեւան շարունակէ փակ պահել «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, ապա կրնայ յայտնուիլ  ոչ միայն երթեւեկութեան, այլեւ քաղաքական մեկուսացման մէջ”:

Ալիեւ շարունակած է. “Գալ տարի գարնան Ազերպայճան կ՚աւարտէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գործարկման համար նախատեսուած երկաթուղիի իր հատուածին շինարարութիւնը: Երբ մենք կը խօսինք Զանգեզուրի հաղորդակցութեան երթուղիի մասին, խօսքը մի՛այն Ազերպայճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապելու մասին չէ։ Խօսքը միջազգային նշանակութիւն ունեցող երթեւեկութեան միջանցքի մասին է”։

Ալիեւ նաեւ ընդգծած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի կարողականութիւնը սկզբնական փուլին Ազերպայճան կը գնահատէ 15 միլիոն թոն։

«“Զանգեզուրի միջանցք”-ի Ազերպայճանի տարածքին որեւէ օտար երկրի գործարկող կամ որեւէ այլ արտաքին վերահսկողութիւն պիտի չըլլայ»

Պաքուի բռնապետը աւելցուցած է. «Զանգեզուրի միջանցք»-ի Ազերպայճանի տարածքին որեւէ օտար երկրի գործարկող կամ որեւէ այլ արտաքին վերահսկողութիւն պիտի չըլլայ։ Անհրաժեշտ է անարգել մուտք Ազերպայճանի մէկ կողմէն միւսը: Ազերպայճանի քաղաքացիները պէտք չէ «գործ ունենան» հայ սահմանապահներու հետ, քանի որ հակառակ պարագային անոնց ապահովութիւնը վտանգի կ՚ենթարկուի”։

Ալիեւ ծաղրած է Փաշինեանը՝ հաստատելով, որ անոր «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը պատճառ դարձած է 44-օրեայ պատերազմի սանձազերծման 

Նոյն համաժողովին, Ալիեւ խնդալով նշած է, որ «Նիկոլ Փաշինեան, որ այժմ կը յայտարարէ, թէ շատոնց պէտք էր Ղարաբաղը Ազերպայճանի կազմին մէջ ճանչնալ, 2019-ի ամռան Ստեփանակերտի մարզադաշտին վրայ կայացած մեծ հանրահաւաքին յայտարարած էր, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ», այդպէսով իր ձեռքով ստորագրելով իրեն համար ծանր կեանքի դատավճիռը», կրկին անգամ հաստատելով, որ այդ յայտարարութիւնն է որ պատճառ դարձած է 2020-ի պատերազմի սանձազերծման։

Փաշինեան չէ հակադարձած այս ծաղրին, փոխարէնը Յուլիս 20-ի առաւօտեան կոչ ըրած է իր կողմնակիցներուն՝ պատրաստ ըլլալու «Մեծ հոգեւոր հանդիպման Էջմիածնի կենտրոնական հրապարակում»։