Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ ըսած է, թէ որքան շուտ Հայերը հասկնան, որ պիտի ապրին Ազերպայճանի դրօշին ներքեւ, այնքան աւելի լաւ կ՚ըլլայ իրենց համար

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ապրիլ 12-ին, կառավարութեան նիստին անդրադարձած է Մարտ ամսուն Արցախ մտնող կազատարը փակելու դէպքին՝ յայտնելով, որ իր երկիրը անոր հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունեցած է:

Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ իբրեւ թէ «Պաքուի ժեստը կը գնահատուի հայ բնակչութեան կողմէ, անոնք կը հասկնան, որ իրենք Ազերպայճանի քաղաքացիներ են եւ պէտք է ապրին ազերպայճանական դրօշին ներքեւ»:

“Հիմա մենք վերականգնած ենք կազը, եւ Հայերը պէտք է գնահատեն ատիկա։ Մենք պարզապէս ցոյց տուինք մեր լաւ մտադրութիւնները։ Եթէ չուզէինք, չէինք վերականգներ։ Ո՞վ կրնար մեզ բան ըսել: Մենք պարտաւո՞ր էինք վերականգնելու կազամատակարարումը. ո՛չ: Վերականգնած ենք, յոյս ունինք, որ անոնք ալ կը հասկնան, որ իրենք Ազերպայճանի քաղաքացիներ են ու պէտք է ու պիտի ապրին ազերպայճանական դրօշին ներքեւ։ Որքան շուտ հասկնան ատիկա, այնքան լաւ կ՚ըլլայ իրենց համար։ Ուստի մենք այս քայլին դիմեցինք, մարդասիրութիւն դրսեւորելով”,– նշած է Ալիեւ:

Արտակ Բեգլարեան արձագանգած է Ալիեւի յայտարարութիւններուն.–
“Արցախը երբեւէ չի կարող Ադրբեջանի կազմում լինել ո՛չ մի կարգավիճակով” 

Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան արձագանգած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի յաջորդական կեղծ պնդումներուն ու յայտարարութիւններուն:

Բեգլարեան, ակնարկելով Ալիեւի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն ու պնդումներուն, Դիմագիրքի իր էջին զանոնք կեղծ որակելով՝ գրած է.-

«Չնայած Ալիեւի պնդումներին՝ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կարգաւորուել, եւ պէտք է միջազգային աջակցութեամբ կարգաւորուի՝ առաջնահերթօրէն Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ ու անսահմանափակ իրացման միջոցով: Ի հետեւումն իրաւական ու պատմական բաւարար հիմքերի՝ վերջին 34 տարուայ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը Հայութեան հանդէպ եւ համակարգային հայատեացութիւնն Ադրբեջանի կողմից լրացուցիչ հիմքեր են եզրայանգելու, որ Արցախը երբեւէ չի կարող Ադրբեջանի կազմում լինել ո՛չ մի կարգավիճակով»,– գրած է Արցախի նախարարը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ կազատար խողովակը դիտաւորեալ պայթեցնելէ ետք, ատիկա ձգձգումներով վերականգնելն ալ ընդհանրապէս բարի կամքի դրսեւորում չէ: