Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Կը յուսանք, որ Հայաստան դրական կ՚արձագանգէ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին վերաբերեալ մեր դիտարկումներուն»

ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ Մարտ 7-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ կը յուսայ որ Հայաստան դրական կ՚արձագանգէ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին շուրջ Պաքուի դիտարկումներուն։ 

“Որոշ ժամանակ առաջ մենք ներկայացուցինք մեր առաջարկը, որ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու վրայ։ Մենք մեկնաբանութիւններ ստացանք Հայաստանէն։ Ի պատասխան՝ անոնց ուղարկեցինք մեր մեկնաբանութիւնները։ Այնպէս որ, աշխատանքը ընթացքի մէջ է”,– ըսած է Ալիեւ։