Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ կը պնդէ, որ Պաքու յաջողած է կասեցնել Ֆրանսայի եւ Հայաստանի գրգռութիւնը՝ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պնդէ, որ Պաքու յաջողած է կասեցնել Ֆրանսայի եւ Հայաստանի գրգռութիւնը՝ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին։

Անոր համաձայն՝ նշեալ վեհաժողովի շրջանակին մէջ «վերջերս կը ծրագրուէր աղտոտ գրգռութիւն Ազերպայճանի դէմ»։ Միաժամանակ Ալիեւ վրդովուած է, որ Հայաստան, ի տարբերութիւն Ազերպայճանի, «ինչ-ինչ պատճառներով» այդ կազմակերպութեան անդամ է։

Ան յայտարարած է, որ «այս գրգռութեան» հեղինակը Ֆրանսան եղած է, «որ այժմ Հայաստանի հովանաւորն է»։ “Զիրար (Ֆրանսա եւ Հայաստան) քոյր կ՚անուանեն։ Անոնք կրնային զիրար եղբայր անուանել, բայց չես գիտեր ինչու քոյր կ՚ըսեն։ Համաժողովին պատրաստուած բանաձեւի սկզբնական տարբերակը հիմնուած էր բացառապէս հակաազերպայճանական թեզերու վրայ եւ ամբողջովին կը հակասէր իրականութեան։ Բայց բոլոր հակաազերպայճանական թեզերը բացառուեցան Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութեան մեր բարեկամներու ջանքերուն շնորհիւ. անոնք մեր բարեկամներն են բառիս բուն իմաստով”,– ըսած է Ալիեւ։ Անոր կարծիքով, «ֆրանքեւհայկական երկեակը այս անգամ ալ չէ կրցած հասնիլ իր նպատակին»։

Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին՝ երկրին առջեւ ծառացած անվտանգութեան մարտահրաւէրներու համածիրին մէջ։