Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ Հայաստանի դէմ տարածքային պահանջներ ներկայացնել: Ան անգամ մը եւս խօսած է այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ազերպայճանի» մասին:
“Ցաւօք, արեւմտեան Ազերպայճանի մէջ՝ մեր պատմական հողերուն վրայ, ուրկէ վտարուած են մեր հայրենակիցները, գիտակցաբար եւ համակարգուած կերպով կ՚իրականացուի ազերպայճանական ժողովուրդի նիւթական եւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութեան ամբողջական ոչնչացման կամ կեղծումի, պատմական տարածքներէն ազերպայճանցիներու հետքերը ջնջելու քաղաքականութիւն”,– յայտարարած է Ալիեւ Պաքուի մէջ ընթացող «Իսլամատեացութիւն. կողմնակալութեան բացայայտում եւ խարաններու վերացում» նիւթին շուրջ համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ:
Ան նշած է, թէ քանի մը օր առաջ «Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նիստին ընդունուած՝ Երեւանի ղազիաթի գործունէութիւնը վերականգնելու որոշումը կարեւոր քայլ մըն է պատմական արդարութեան ապահովման եւ արեւմտեան Ազերպայճանի մէջ ազերական մշակութային եւ կրօնական-հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման մասին ճշմարտութիւնը համաշխարհային հանրութեան հաղորդելու ուղղութեամբ»:
Արցախի հայերը ցեղային զտման ենթարկած երկրին ղեկավարը խօսած է նաեւ Արցախի մէջ, իբրեւ թէ, ազերպայճանցիներուն դէմ հայերու գործած ոճիրներէն:
“Մեր հողերուն երեսնամեայ գրաւման ընթացքին մեր ժողովուրդին դէմ իրականացուած է Խոճալուի ցեղասպանութիւնը, իրականացուած է ցեղային զտում, որուն հետեւանքով մէկ միլիոնէ աւելի մեր հայրենակիցներ դարձած են գաղթական եւ ներքին տեղահանուած: Սակայն, ցաւօք, Արեւմուտքի որոշ շրջանակներ, դրդուած՝ բացառապէս կրօնական մոլեռանդութենէ եւ իսլամատեացութենէ, աչք փակեցին Հայաստանի կողմէ մեր հողերուն գրաւման վրայ, խեղաթիւրեցին հակամարտութեան իրական էութիւնը եւ փորձեցին զայն ներկայացնել որպէս կրօնական հիմքի վրայ հակամարտութիւն”,-– յայտարարած է Ազերպայճանի բռնապետը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։