Ալիեւ կրկին հայ ժողովուրդը որակած է թշնամի եւ պնդած, թէ «աշխարհը հայկական ֆաշականութեան նմանը չէ տեսած»

Մարտ 27-ին, Ազերպայճանի նախագահը կրկին հայ ժողովուրդը որակած է թշնամի եւ պնդած, թէ «աշխարհը հայկական ֆաշականութեան նմանը չէ տեսած»։

“Անոնք մեզ ցեղասպանութեան ենթարկած են”, – յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ՝ կնոջ հետ այցելելով Աղդամի վերականգնուած գիւղերը։

“Աղդամն ու շրջանի բոլոր գիւղերը ամբողջութեամբ աւերուած էին ատելի թշնամիին կողմէ, որեւէ շինութիւն կանգուն չէր մնացած։ Այս փաստը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ թշնամիին էութիւնը, անոր բացարձակ անհիմն թշնամութիւնը մեզի հանդէպ”,– ըսած է Ալիեւ՝ Աղդամը որակելով «Կովկասի Հիրոշիմա»։

Խօսելով Արցախեան երկրորդ պատերազմին մասին՝ Իլհամ Ալիեւ շեշտած է, թէ երբ որ սկսած են շարժիլ Աղդամի ուղղութեամբ, «թշնամիի զօրքը յայտնուած է շրջափակման մէջ»։

“Ազերպայճան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ մարդասիրութիւն՝ թշնամիին կարելիութիւն ընձեռելով ինքնակամ լքել մեր հողերը։ Ազերպայճանի պետութիւնը մարդասիրութիւն դրսեւորեց այն տարրերուն հանդէպ, որոնք այդ կեցուածքին արժանի չէին”,– ըսած է բռնապետը՝ դիմելով Աղդամի վերաբնակիչներուն։

Շուրջ 15 վայրկեան տեւած իր ելոյթին, ազերպայճանցիներու հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, ան ո՛չ մէկ բառ ըսած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կամ անոր ստորագրութեան կարելիութեան մասին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները երկրորդ շաբաթն է, որ կ՚առաջարկեն Պաքուին՝ բանակցութիւններ սկսիլ համաձայնագրի ստորագրութեան վայրի եւ ժամի վաւերացման մասին։ Ազերպայճանէն ալ կը հակադարձեն, թէ Երեւան պէտք է նախ Սահմանադրութիւնը փոխէ, նաեւ լուծէ Արցախեան խնդրով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։