Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ կրկին տարածքային պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանի նկատմամբ

Ալիեւ եւ Էրտողան՝ Բերձորի մէջ

«Արեւմտեան Զանգեզուրը անարդարօրէն անջատուած է Ազերպայճանէն եւ միացուած Հայաստանին»

Բերձորի մէջ, Ազերպայճանի Հանրապետութեան հիմնադրման առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին, Պաքուի բռնապետը իր ելոյթին առիթը չէ փախցուցած խօսելու Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու մասին։

“Արեւմտեան Զանգեզուրը անջատուած է Ազերպայճանէն եւ միացուած Հայաստանին, որ շատ մեծ անարդարութիւն էր եւ ազերի ժողովուրդը նմանատիպ անարդարութիւններու բախած է իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին”,– ըսած է Ալիեւ։

Նշենք, թէ սոյն ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ։ Երեք երկիրներու առաջնորդները արդէն յայտարարած են «երեք պետութիւն, մէկ ազգ» օրակարգի մասին։