Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ նախագահ Ալիեւ Մայիս 27-ին յայտարարած է, որ՝ «Պրիւսէլի հանդիպումը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ “Լեռնային Ղարաբաղ” բառամթերքը գոյութիւն չունի»:
“Մենք լուծած ենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, Հայաստան ուզէ կամ ոչ, ամբողջ աշխարհը կ՚ընդունի այդ կացութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի վարչական տարածքին, ապա ան գոյութիւն չունի Ազերպայճանի տարածքին մէջ։ Հետեւաբար միջազգային կառոյցներու բառամթերքին (lexique) մէջ Լեռնային Ղարաբաղ անունը չկայ, եւ պրիւսէլեան վերջին հանդիպումը անգամ մը եւս ապացուցեց այդ։ Ճիշդ է, Հայաստանի մէջ հիմա նորէն աղմուկ կը բարձրացնեն այս հարցով, եւ, ինչպէս կ՚ըսեն, իրենց գլուխը պատէ-պատ կը զարնեն, բայց այդ է իրականութիւնը, եւ անոնք ստիպուած են հաշտուելու այդ իրականութեան հետ”,– ըսած է Ալիեւ։