Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԼՊԱՆԻԱ – Թիրանայի մէջ հանդիպում ունեցած են Փաշինեան եւ Ալիեւ

Մայիս 16-ին, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի 6-րդ համաժողովը, մասնակցութեամբ շուրջ 50 ղեկավարներու։ 

Համագումարին առընթեր, միջնորդութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած են։

Աւելի ուշ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անձայն տեսանիւթ մը տեղադրած է։

Այլ մանրամասնութիւններ տակաւին չեն հաղորդուիր։