Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան ամավերջի բացառիկ հանդէսը

Կիրակի, Յունիս 11-ին տեղի ունեցաւ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի տան ամավերջի հանդէսը, POC ընդարձակ թատերասրահին մէջ։ Այս տարուան բերքը առատ էր. 450 հոգի կը մասնակցէին՝ աշակերտ, ծնող, մեծահասակ…։ Մշակոյթի Տան կողմէ կազմակերպուած էին 16 տարբեր աշխատանոցներ։ Հարկ է նշել, թէ Ալֆորվիլ հայաշատ արուարձանին մէջ եզակի տեղ կը գրաւէ Հայ Մշակոյթի տունը, որ մեղուի փեթակի նման իր շուրջ կը համախմբէ կարեւոր աշխատուժ մը, յանձին տնօրէնուհի Արաքս Տէր Գէորգեանի, որ նոր շունչ եւ թափ հաղորդեց արդէն մօտ հինգ տասնամեակներու կեանք ունեցող (հիմնուած է 1970-ին, իսկ բացումը կատարուած է 1976-ին) այս կառոյցին։

Շուրջ հազար հանդիսականներ հետեւեցան ձեռնարկին։ Պատասխանատուները ստիպուած եղան յայտագիրը երկու անգամ ներկայացնելու՝ ծնողներուն եւ համայնքին անդամներուն փափաքին ընդառաջելով։ Ներկայ էր Ալֆորվիլի քաղաքապետարանի աւագանին, առաջնորդութեամբ քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհին եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը։ Ապա բեմ բարձրացան մանուկները, պատանիները եւ չափահասները՝ իրենց տարեկան աշխատանքի արգասիքը հրամցնելու հանդիսատեսին։ 

Մշակոյթի տան տնօրէնուհին՝ Արաքս Տէր Գէորգեան կը դիմէ ներկաներուն

Սկիզբը ներկայացուեցաւ փոքրիկ թատրոն մը, որուն յաջորդեցին գեղեցիկ եւ բազմազան պարերը, որոնք մերթ ընդ մերթ կ՚ընդմիջուէին դուդուկի եւ տըհոլի ուսուցիչներուն պատրաստած ծրագրով, աշակերտներու կատարողութեամբ։ Եօթը դուդուկահարներ եւ 10 թմբկահարներ բեմին վրայ իրենց տպաւորիչ ելոյթներով խանդավառեցին ներկաները, ուրախ եւ աշխուժ մթնոլորտ ստեղծելով դահլիճին մէջ։ 

Այնուհետեւ խօսք առաւ Մշակոյթի Տան նախագահ Պարոն Երուանդ Պառաւեան եւ ներկայացուց Տան ապագայ ծրագրերը, ընդգծելով նոր կեդրոնի մը կառուցման անհրաժեշտութիւնը։ Ան խօսքը ուղղեց քաղաքապետութեան, որպէսզի,– ինչպէս միշտ,– նեցուկ կանգնի այս յոյժ կարեւոր գործի իրագործման եւս։

Հուսկ՝ ելոյթ ունեցաւ քաղաքապետը՝ իր գոհունակութիւնը յայտնելով տարուած աշխատանքին, հաստատելով, որ քաղաքապետութիւնը միշտ Հայութեան կողքին է, իսկ Հայ Մշակոյթի նոր տան կառուցման ճարտարապետները արդէն նշանակուած են, վայրն ալ ընտրուած է եւ շուտով ծայր պիտի առնէ շինարարութիւնը։

Աւարտին, Մշակոյթի տան տնօրէնուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյցներ՝ Արմէն Չիլոյեանին եւ Կատարինա Արզումանեանին։ Տըհոլի եւ դուդուկի ուսուցիչներ՝ Դաւիթ Աբրահամեանին եւ Արտիոմ Մինասեանին ու բոլոր օգնականներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր իրագործել տարեվերջի այս բացառիկ հանդէսը։ 

Թ.Շ. ■