Ապրիլ 23-ին, «Նոր Սերունդ»-ի կազմակերպած ջահերով երթը ընթացք առաւ Ալֆորվիլի «Կոմիտաս» փողոցը գտնուող Սուրբ Պօղոս-Սուրբ Պետրոս եկեղեցիէն՝ դէպի «Աշտարակ» հրապարակին վրայ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակի խաչքարը։
Երթը առաջնորդեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տիրայր քահանայ Գըլըճեան, քաղաքապետութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներ՝ Սարօ Մարտիրեան, Կարօ Խաչիկեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Խաչքարին առջեւ ծաղիկներու զետեղումէն ետք, մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը։
Խաչքարին քով պարզուած է մեծ պաստառ մը՝ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու լուսանկարներով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։