Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԽԱԼՑԽԱ – Հազարաւոր ախալցխահայերու ջահերով երթը դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարը

Ապրիլ 23-ին, Ջաւախքի «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ Ախալցխայի մէջ տեղի ունեցած է աւանդական ջահերով երթը:

Հազարաւոր ախալցխահայեր քաղաքի կեդրոնէն բարձրացած են Ախալցխայի «Մարթա» թաղամասի բարձրադիր եզրին վեր խոյացող եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ, ուր կայացած է անմեղ նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն: