Ախալքալաքի «Պույ-Պույ» տիկնիկային թատրոնը Դեկտեմբեր 15-էն 18 մասնակցած է «Արևոտ Վրաստան» փառատօնին, որ տեղի ունեցած է Պաքուրիանիի մէջ։
Վրաստանի շրջաններէն մասնակցած են ութ թատերախումբեր՝ Ախալցիխէ քաղաքէն, Ճիաթուրայէն, Ծղալտուպոյէն, Պաթումիէն, Գուրջանիէն…
Պաքուրիանի թատերասրահին մէջ Ախալքալաքի տիկնիկային թատրոնը ելոյթ ունեցած է երկրորդ օրը։ «Պույ-Պույ»-ը հայերէնով ներկայացուցած է վրացական «Աղուէսի դատավճիռը» հէքեաթը եւ արժանացած է մրցանակներու։
Փառատօնի 4 օրերու ընթացքին, բացի թատերական ներկայացումներէն, կազմակերպուած է տիկնիկային շքերթ. այնուհետեւ իւրաքանչիւր թատրոն հանդէս եկած է փոքրիկ երաժշտական ելոյթներով, այս անգամ յատկապէս Պաքուրիանիի բնակիչներուն համար։