Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ականաւոր երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին առիթով ձեռնարկներ՝ Փարիզի եւ Սթրազպուրկի մէջ

Հայաստանի դեսպանութեան հաղորդագրութիւնը

Հայ մեծանուն երաժիշտ, Ի. դարու երաժշտական մշակոյթի ականաւոր գործիչ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակին առիթով, յառաջիկայ Հոկտեմբեր 26-ին եւ 27-ին՝ Փարիզի Palais des Congrès-ի մեծ համերգասրահին, եւ Հոկտեմբեր 29-ին՝ Սթրազպուրկի Zénith Europe-ի համալիրին մէջ, Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային խումբը կը ներկայացնէ Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս» պալէն։  

Այս բացառիկ ձեռնարկները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Franceconcert» ընկերութեան համագործակցութեամբ։ 

Տոմսերը կարելի է ապահովել «Franceconcert»-ի պաշտօնական կայքէջէն՝ https://www.franceconcert.fr/fr/spectacle/mascarade/