Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 14-ին ընդունած է «Արցախի պահեստազօրի սպաներու միութեան» խումբ մը անդամները։
Նախագահի աշխատակազմի գրասենեակէն հաղորդած են, թէ հանդիպումին քննարկուած են Հանրապետութեան անվտանգութեան ու մարդասիրական խնդիրները, ստեղծուած իրավիճակը, յաղթահարման ուղիները: Անդրադարձ եղած է նաեւ պահեստազօրի սպաներու եւ անոնց ընտանիքներու ընկերային, բնակարանային հարցերուն:
Յարութիւնեան վստահեցուցած է, թէ առկայ կարելիութիւններու սահմանին մէջ արծարծուած խնդիրներուն պատշաճ լուծումներ կը տրուին։