2019 Սեպտեմբերին ծայր առած Ամարասի վանական համալիրի վերականգնման ծրագիրը այժմ կը գտնուի իր վերջին՝ երրորդ փուլին։
«Լոյս» հիմնադրամէն տեղեկացուցած են, որ վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքներու ընդհանուր ծախսը շուրջ 420 միլիոն դրամ է, եւ սա պահուս արդէն իրագործուած է 276 միլիոն դրամ արժող աշխատանք:
Հիմնադրամէն յիշեցուցած են, որ աշխատանքները կը վերահսկուին պատմամշակութային յուշարձաններու վերականգնման մասնագիտութիւն ունեցող կազմակերպութեան կողմէ: Ընդհանուր ծրագրին աւարտը կը նախատեսուի 2023-ի գարնան:
Ծրագրին նպատակն է ստեղծել բոլոր անհրաժեշտ պայմանները համալիրի լիարժէք օգտագործման համար` նոր շունչ տալով հայ ժողովուրդին համար պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող յուշարձանին, որ այսօր կը գտնուի Արցախի քրիստոնէական արժէքներու պահպանման առաջին գիծին վրայ: