«Հայոց Եկեղեցին դարեր շարունակ իր հայրապետներու գլխաւորութեամբ, հայրենասիրական ոգիով եւ ազգանուէր ինքնազոհութեամբ առաջնորդած է հայ ազգը՝ նաւարկելով պատմութեան մութ ու փոթորկալից արհաւիրքներու ընդմէջէն հայ ազգի գոյատեւումն ապահովելով ի հեճուկս ոխերիմ թշնամիներուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աշխարհացրիւ հայութեան կը ներկայանայ որպէս հաւատքի օրրան, յոյսի փարոս, գոյատեւման յենարան եւ կայունութեան երաշխիք։
Մեր մշտամրմունջ աղօթքներով կը դիմենք Ամենափրկիչ Միածնին, հայցելով որ բարեխօսութեամբ չարխափան եւ միշտ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին, մեր հօր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին եւ բոլոր հայրապետներուն, եւ միջնորդութեամբ Մխիթար Աբբահօր, անսասան պահէ Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռը, իր գահակալ Սրբազնագոյն կաթողիկոսը եւ հայ ազգը։
Ամենակալ Տէր Աստուած թող փրկէ մեզ չարէն եւ անոր բոլոր արբանեակներէն։
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ – ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐ»
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։