Դեկտեմբեր 2-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» ֆրանսական կազմակերպութեան Հայաստան այցելող անդամները` գլխաւորութեամբ Գորանթէն Գլերի:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժնի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քահանայ Պօղոսեան Կաթողիկոսին ներկայացուցած է հիւրերը` ընդգծելով, որ կազմակերպութեան աջակցութեամբ կ՚արդիականացուին Մայր Աթոռի տպարանի սարքաւորումները:
Իր կարգին Գորանթէն Գլեր ներկայացուցած է «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ»-ու գործունէութիւնը Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի` ի մասնաւորի Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ եւ անդրադարձած՝ իրագործուող կրթական, գիւղատնտեսական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եւ մշակութային յուշարձաններու վերականգնման ուղղուած ծրագրերուն:
Ողջունելով հիւրերուն այցը Հայոց հոգեւոր կեդրոն` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է կազմակերպութեան՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին յետպատերազմեան մարտահրաւէրներու յաղթահարման աշխատանքներուն մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Զրոյցի ընթացքին Գարեգին Բ. անդրադարձած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ Ազերպայճանի՝ Հայաստանի նկատմամբ սանձազերծած յարձակման հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորականներու, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անհետացած հայորդիներու ընտանիքներուն Մայր Աթոռի կողմէ ցուցաբերուող զօրակցութեան ու աջակցութեան ծրագրերուն: