Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ օծուած է Մինսքի նորակառոյց եկեղեցին

Մայիս 17-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի հրաւէրով, ժամանած է Պելառուսի Հանրապետութիւն՝ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ կառուցուած հայկական եկեղեցւոյ օծման համար:

Նոյն օրը Գարեգին Բ., ուղեկցութեամբ պետական ու թեմական պաշտօնէութեան, այցելած է Մինսքի Յաղթանակի հրապարակ, ուր յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուած զինուորներու հոգիներու հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար:

Մայիս 18-ին, «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեան ներքոյ Վեհափառ հայրապետը թափօրով մուտք գործած է եկեղեցի՝ օրհնելով այս յիշարժան առիթով Պելառուսի տարբեր համայնքներէն Մինսք ժամանած ուխտաւոր հայորդիները, ապա տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։ Ջուրով եւ գինիով լուացուած են եկեղեցւոյ Սուրբ սեղանը, սիւները եւ մկրտութեան աւազանը: Այնուհետեւ Կաթողիկոսը սրբալոյս միւռոնով օծած է Սուրբ սեղանը:

Օծման արարողութեան աւարտին եկեղեցին անուանակոչուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի անունով: Այնուհետեւ Գարեգին Բ. իր հայրական պատգամը հաղորդած է Պելառուսի հայ համայնքին։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը օրհնած է բարերար հայորդիները՝ յատկապէս եկեղեցւոյ հիմնադիր Արթուր եւ Մարեն Գրանց եղբայրները, հովուատան եւ հայորդեաց տան բարերար Վադիմ Ավանէսեանը եւ աստուածահաճոյ գործին աջակցած բոլոր անձերը, անոնց շնորհելով «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշաններ։

Ապա մատուցուած է եկեղեցւոյ առաջին պատարագը, որուն յաջորդած է մատաղօրհնութիւն եւ պաշտօնական ճաշ, որուն ընթացքին Հայրապետական օրհնութեան գիրեր յանձնուած են եկեղեցւոյ կառուցման իրենց աջակցութիւնը բերած հայորդիներուն:

Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան ներկայ եղած են Պելառուսի նախարարներու խորհուրդի կրօնի եւ ազգութիւններու հարցերու յանձնակատար Ալեքսանտր Ռումաք, պետական դէմքեր, քոյր եկեղեցիներու եւ կրօնական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, ազգային բարերարներ, թեմական խորհուրդի անդամներ, հայրենիքէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած մեծ թիւով ուխտաւոր հայորդիներ: