Ուաշինկթընի Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ վերջերս ներկայացուած է հայկական մշակոյթին և հոգևոր ժառանգութեան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին թանգարանի գլխաւոր համակարգող Ճեֆֆ Քլոհան ընդգծած է հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան ցուցադրութեան կարևորութիւնը:
“Հայաստանի մէջ Աստուածաշունչի պատմութիւնը շատ կարևոր է Սուրբ Գիրքի ազդեցութիւնը ուսումնասիրելու համար: Իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ազգ, Հայերը ունին Աստուածաշունչէն բխող արուեստի և ճարտարապետութեան հարուստ ժառանգութիւն”,– նշած է ան:
Իր կարգին, թանգարանին ցուցահանդէսները համակարգող Քրիսթի Օլիվըր ըսած է, որ քրիստոնէութիւնը զգալի չափով միահիւսուած է հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնութեան հետ:
“Մեր հիմնական առաքելութիւնն է ցոյց տալ, թէ որքա՜ն միաձուլուած են հայկական ինքնութիւնը և Աստուածաշունչը, և ուսումնասիրել, թէ հազարաւոր տարիներ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս ազդած է հասարակութեան և մշակութին վրայ, ան ինչպէ՛ս ոգեշնչած ու ստեղծած է ձեռագրեր, մշակութային բազմաթիւ կոթողներ”,– յայտնած է Օլիվըր։
Հիմնական չորս մասերէ բաղկացած ձեռնարկը այցելուներուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման ու տարածման, հայկական գիրերու ստեղծման, հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութեան վերաբերեալ հեռավար դասախօսութիւններ:
Թանգարանի առանձին մէկ դահլիճին մէջ ցուցադրուած են տեսաժապաւէններ՝ նուիրուած Արցախի եկեղեցիներուն:
Սոյն միջոցառումը համեմուած է հայկական շարականներով ու պարային բեմադրութիւններով, կատարողութեամբ՝ Ուաշինկթընի հայկական երկու եկեղեցիներու միացեալ «HYE» երգչախումբին եւ «Շնորհալի» դպրոցի սաներուն։