Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ – «Մենք կը յիշենք Սումկայիթը»

ՀՅԴ երիտասարդները փակած են Ազերպայճանի դեսպանատան փողոցը

Ի յիշատակ 1988 Փետրուար 27-29-ին Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հայկական ջարդերու, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր Հայեր, անոնց մէջ կիներ, երախաներ եւ ծերեր, իսկ հազարաւորներ բռնի տեղահանուեցան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Երիտասարդական միութեան անդամները Ուաշինկթընի մէջ փակած են Ազերպայճանի դեսպանատան փողոցը։ Անոնք կանգնեցուցած են այսպէս կոչուած «Խոճալուի ցեղասպանութեան» մասին «տեղեկացման գործողութիւն» կատարող՝ գովազդային վահանակներով շրջող ազերպայճանական կառքը, եւ պարզած են անգլերէնով պաստառներ՝ «Նախագահ Պայտըն, դադրեցո՛ւր ԱՄՆ-ու օժանդակութիւնը Ազերպայճանին եւ առաջքը առ հայկական երկրորդ ցեղասպանութեան», «Արցախը ուժեղ է» եւ այլ գրութիւններով:

Ցուցարարները վանկարկած են՝ «Մենք կը յիշենք Գուրգէն Մարգարեանը»,«Հայաստան խաղաղութիւն կ՚ուզէ, Ալիեւ՝ Երեւանը», «Արցախը Հայաստան է», «Մենք կը յիշենք Սումկայիթը» լոզունգներ: