Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Երասխի ուղղութեամբ ազերպայճանական կրակոցներուն մասին

Մաթիու Միլըր

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մաթիու Միլըր Թուիթըրեան իր էջին գրած է.

«Խորապէս մտահոգ ենք Ազերպայճանի կողմէ արձակուած գնդակներէն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու հետ կապ ունեցող ընկերութեան երկու բանուորներու վիրաւորուելուն կապակցութեամբ։ Կը կրկնենք սահմաններու երկայնքին զսպուածութիւն դրսեւորելու մեր կոչը, քանի որ կողմերը կ՚աշխատին կայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան ուղղութեամբ»: