ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի հայկական հարցերու յանձնաժողովի համանախագահ Ֆրէնկ Փալոն եւ բազմաթիւ ծերակուտականներու նամակ մը յղած են նախագահ Ճօ Պայիընին, կոչ ուղղելով քայլերու ձեռանարկել ապահովելու համար Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, նկատի ունենալով որ Ազերպայճան շրջափակած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը, վտանգի ենթարկելով հազարաւոր Արցախցիներու կեանքը։