Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքը սկսած է Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանին պատկանող, Լոս Անճըլըսի մէջ գտնուող առանձնատան արժէքը բռնագանձելու գործընթացին:
Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքը։
Ըստ բռնագանձման դիմումին՝ առանձնատունը ձեռք բերուած է այն գումարով, որ հայ գործարար մը իբրեւ կաշառք տուած է Գագիկ Խաչատրեանի ընտանիքին:
Գալիֆորնիոյ շրջանային դատարանին ներկայացուած դատին մէջ Միացեալ Նահանգներ կը պնդէ, որ գործարար Սեդրակ Առուստամեան Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր ընտանիքին 20 միլիոն տոլար կաշառք տուած է՝ իր գործարարութեան նկատմամբ բարեհաճ վերաբերում ցուցաբերելու համար: Կը նշուի, որ այդ գումարը օգտագործուած է Լոս Անճըլըսի Հոլմպի Հիլզ թաղամասին մէջ առանձնատուն գնելու: Կը նշուի նաեւ, որ այդ առանձնատունը վերջերս վաճառքի դրուած էր 63 միլիոն 500 հազար տոլարի:
Արդարութեան բաժանմունքը Հայաստանի մէջ Գագիկ Խաչատրեանին եւ անոր որդիներուն մեղադրանք յարուցած է՝ կաշառք ստանալու յօդուածով, իսկ Սեդրակ Առուստամեանի նկատմամբ՝ կաշառք տալու։
Ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ գործարքը հետաքննուած է Հետաքննութիւններու դաշնակցային բիւրոյի (FBI) Եւրասիական կազմակերպուած յանցանքի դէմ պայքարի խումբին եւ Միացեալ Նահանգներու Մարշըլներու ծառայութեան կողմէ:
Նշենք, որ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը առանցքային օգնութիւն ցուցաբերած են։