Հայաստանի կառավարութիւնը, Եւրասիական Զարգացման դրամատունն ու «Լիդիան Արմենիա» ընկերութիւնը Փետրուար 22-ին փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրած են Ամուլսարի հանքի վերստին շահագործման մասին։
Ստորագրութեան արարողութենէն ետք, Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան յայտարարած է, թէ կողմերը նպատակ ունին ներդնելու 150 միլիոն տոլար այս պայմանագրով եւ 100 միլիոն տոլար ալ անկէ դուրս՝ «Լիդիան Արմենիա» ընկերութեան պատկանող Ամուլսար հանքավայրի վերստին շահագործման համար։ Գումարը պիտի ծախսուի շինարարական աշխատանքները աւարտին հասցնելու եւ անհրաժեշտ թեքնիք միջոցներ ձեռք բերելու համար։ Կառավարութիւնը պիտի ստանայ Ամուլսարի բաժնեթուղթերու 12,5 տոկոսը եւ ատոր դիմաց որեւէ բան պիտի չվճարէ, բայց փոխարէնը պիտի ապահովագրէ գործարքի որոշ ռիսքերը։
Քերոբեանի համաձայն՝ հանքին գործունէութենէն այս կամ այն կերպով ազդուող բնակավայրերը, ինչպէս կը կոչուին՝ «ազդակիր համայնքներ»-ը,– հասկացութիւն մը, որ Ազգային ժողովին կողմէ հաստատուած է 2021-ին,– ամէն տարի պիտի ստանան 7 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ընկերութեան կողմէ։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ «Լիդիան Արմենիա»-ն հարիւրաւոր աշխատանք պիտի ստեղծէ այդ համայնքներուն մէջ եւ էական տնտեսական աճ ու աշխուժութիւն պիտի ապահովէ ոչ միայն մարզին, այլ նաեւ ընդհանուր Հայաստանի Հանրապետութեան։
Քերոբեանի համաձայն՝ Ամուլսարի հանքի շահագործումով Հայաստանի ՀՆԱ-ն (PIB) պիտի աւելնայ 1 տոկոս, ինչ որ բաւական բարձր ցուցանիշ է։ “Մենք իրաւունք չունենք հրաժարուել այսպիսի հնարաւորութիւններից”,– ընդգծած է նախարարը։
Անդրադառնալով Ամուլսարի հանքի շահագործումով յառաջանալիք բնապահական հաւանական խնդիրներուն՝ նախարարը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն կատարուած են բոլոր ուսումնասիրութիւնները, «Լիդիան Արմենիա» ընկերութիւնը այս պահուն արդէն ունի անհրաժեշտ բոլոր արտօնութիւնները աշխատանքը սկսելու համար։